Սրբոց Նահատակած Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի 2000 թուականի նախաձեռնած «Նկարագրային Գիծեր» կրթական յայտագիրը, արդէն իսկ մշակուած է դպրոցի ծրագրէն ներս: Բացի օրական համակարգով ուղղուած նկարագրի հարցերէն, իւրաքանչիւր եռամսեակին, ուսուցչական կազմի հիմնական ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ նշանակուած բառերու վրայ, որոնք կ’օգնեն նախաձեռնելու քննարկումներ, ծրագիրներ եւ գրաւոր յանձնառութիւններ:

Գարնան կիսամեակին, հայերէնի բաժանմունքը գործակցաբար անգլերէն բաժանմունքի հետ միասին, կը համակարգէ տարեկան «Նկարագրային Գիծեր» կրթական ծրագիրը: Ուսանողներու համար, այս հաւաքը կը ծառայէ որպէս միջոց, փոխադարձ կիսուելու զանազան ծրագիրներ որոնք յարգանքի արժանանալու կարեւորութիւնը կ’արժեւորեն: Ովքեր որոնք նկարագրի գերազանցութիւն ցուցաբերած են այս ծրագրի ընթացքին, ինչպէս նաեւ՝ ուսումնական տարուայ ընթացքին, այն ուսանողներ որոնց նկարագրի մասին արձանագրած նիւթը կը գերազանցէ բոլորին, ծրագրի եզրափակումը կ’ըլլայ յատուկ հանդիսութեամբ: Բոլոր ուսանողները կը ստանան վկայագիր իսկ նկարագրի գերազանցութիւն ցուցաբերած ուսանողները, կը ստանան նուէրի տոմս: Այս նախաձեռնութիւնը դրական փորձառութիւն մըն է, թէ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցչական կազմին:

«Նկարագրային Գիծեր»

Կրթական յայտագիրի բառերու ցանկը հետեւեալներն են.

Օգոստոս:

Ընկերասիրութիւն

Սեպտեմբեր:

Աշխատասիրութիւն

Հոկտեմբեր:

Մշակոյթ-Աւանդապահութիւն

Նոյեմբեր:

Գաղութի Ծառայութիւն- Նուիրաբերում

Դեկտեմբեր:

Զոհողութիւն

Յունուար:

Ազգային Պատկանելիութիւն

Փետրուար:

Արդարութիւն-Հայրինասիրութիւն

Մարտ:

Հաւատարմութիւն-Հիւրասիրութիւն

Ապրիլ:

Զօրութիւն-Միասնականութիւն

Մայիս:

Ըմբոստութիւն-Անկախութիւն